Lousin Malikian

1 Comment

  1. Տիկին Լուսին Մալիքեանը, որ անձամբ մօտէն ճանչնալու պատիւն ու բախտը ունեցած եմ երկար տարիներ,եզակի դէմք մըն էր հայ մանկավարժական սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Ան յատնուեցաւ 1950-ական թուակններու սկիզբը Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ՝ իբրեւ մանկապարտիզպանուհի, ու այնուհետեւ անընդմէջ աւելի քան 50 տարի բացառիկ ձեռնհատութեամբ ծառայեց Հայ դպրոցին. նախ՝ այստեղ Լիբանանի մէջ, ապա Ֆրանսա՝ Մարսէյի մէջ:
    Մանկապարտիզպանուհիի պատուաբեր պաշտօնին կից ան, առաջինը, վերորակաւորման յատուկ բարձրորակ դասընթացքներ հաստատեց նաեւ լիբանանահայ դպրոցներու ուսուցչուհիներու համար, ապա պատրատեց Հայոց լեզուի մանկապարտէզի լրիւ դասընթացք մը, որ ծանօթ է «Փոքրիկ Անին» եւ «Պետիկն ու գայլը» զոյգ շարքով, որ ահա 60 տարի է կը վերահրատարակուի՝ պահելով իր այժմէականութիւնը ու կ’ուսուցուի սփիւռքահայ գրեթէ բոլոր վարժարաններուն մէջ: Այս շարքին կից ան հեղինակն է նաեւ Թուաբանութեան շարքի մը, որ զուգահեռ կ’ընթանայ նախորդին:
    Մարսէյ հաստատուելէ ետք՝ տիկին Մալիքեան առ ի չգոյէ բարձրագոյն կարգերու գրականութեան ուսուցիչի, հայ գրականութիւն եւս դասաւանդեց՝ ինք անձամբ դառանալով առաջին ուսանողը իր սեփական դասընթացքին, եւ յաջողեցաւ այ՛դ եւս ընել շնորհիւ իր մանկավարժական եւ մեթոտաբանական եզակի տաղանդին:
    Շնորհալի անուն մը, որ մեծ երախտագիտութեամբ պիտի յիշուի հետագայ սերունդնրեու կողմէ:
    Վարձքը կատար եւ յարգանք իր յիշատակին:

Leave a Reply

Your email address will not be published.


*